2014-06-09 10:12:52

''Խաղաղութեան հաստատումը քաջութիւն կը պահանջէ'' ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը` խաղաղութեան ձեռնարկի ընթացքին արտասանած իր խօսքին մէջ։


Կիրակի, 8 Յունիսի երեկոյեան, Վատիկանի պարտէզները դարձան խաղաղութեան աղօթքի ձեռրնակի վայր, ուր երեք միաստուածեան կրօններու համաձայն աղօթքներ արտասանուեցան առ Հայր Աստուած, Անորմէ հայցելու խաղաղութեան պարգեւը` Միջին Արեւելքի ու համայն աշխարհի համար։
Ձեռնարկը կազմակերպուած էր Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի հրաւէրով որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Իսրաէլի եւ Պաղեստինի նախագահներն ու Կ. Պոլսոյ Տիեզերական Պատրիարք` Բարթողոմէոս Աը։
Աննախընդաց պատմական մէկ իրադարձութիւն, որով Սրբազան Քահանայապետը ուզեց մէկդի դնել ''քաղաքականութիւնը'' ու դիմել աղօթքի զօրութեան, հայցելու խաղաղութիւնը։
Նորին Սրբութիւնը իր հիւրերը ընդունեց Տոմուս Սանթա Մարթայի իր բնակավայրին մէջ ու ապա բոլորը մէկ ուղղուեցան Վատիկանի պարտէզներու մէջ որոշուած վայրը, ուր մասնակցեցան, երեք կրօններու ծէսերով աղօթքի արարողութեան։ Պատմական կարելի է նկատել նաեւ Փերեսի եւ Մահմուտ Ապպասի միջեւ, Տոմուս Սանթա Մարթայի մէջ տեղի ունեցած ողջագուրումը, Ֆրանչիսկոս Պապի հայրական հսկողութեան տակ։
Աղօթքի արարողութեան ընթացքին արտասանուեցան սաղմոսներ ու կատարուեցան երգեցողութիւններ որոնց աւարտին նախագահ Փերես ու նախագահ Ապպաս յաջորդաբար` ներկայացուցին խաղաղութեան ձգտող ուղերձներ ընդգծելով խաղաղութեան անհրաժեշտութիւնը եւ հայրենիքի մը ու անոր բնակչութեան ազատ ու անկախ կեանքի իրաւունքը։
''Սալամ, Շալոմ, Փաչէ'' եղան աղօթքի ձեռնարկի ընթացքին հնչուող բառերը – խաղաղութիւն- ` ''Շատ աւելի դժուար է քաջութիւնը ունենալ խաղաղութիւն հաստատելու համար քան պատերազմ մղելու'', հաստատեց Սրբազան Հայրը, այս առթիւ իր արտասանած ուղերձին մէջ, որուն սկիզբը սրտանց շնորհակալութիւն յայտնեց երկու նախագահներուն, յոյս յայտնելով որ այս հանդիպումը ըլլայ ''նոր քայլ մը, փնտռելու այն բաները որ մեզ կը միացնեն ու գերազանցելու այն ինչ որ մեզ կը բաժնէ'', հուսկ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ Բարթողոմէոս Ա-ին, Անոր եղբայրական վկայութեան համար։
''Մեր այս հանդիպումը կը համապատասխանէ բոլոր անոնց ջերմ բաղձանքին որոնք կը ձտգին խաղաղութեան եւ կ՛երազեն աշխարհ մը ուր մարդիկ ու կիներ կրնան ապրիլ որպէս եղբայրներ եւ ոչ որպէս թշնամիներ ու հակառակորդներ'', ըսաւ Սրբազան Հայրը մատնանշելով թէ աշխարհը մեզի պարգեւուած ժառանգութիւն մըն է որ մենք թողելու ենք մեր զաւակներուն։ Զաւակներ որոնք ձանձրացածեն են կռիւներէն եւ հակամարտութիւններէն ու փափաքը ունին տեսնել խաղաղութեան արշալոյսը։ Զաւակներ որ մեզմէ կը խնդրեն տապալել թշնամութեան պատերը ու հետապնդել երկխօսութեան ու խաղաղութեան ճանապարհը որպէսզի սէրն ու բարեկամութիւնը գերիշխեն։
Այս զաւակներէն շատեր դարձան պատերազմներու եւ բռնութիւններու զոհ, որպէս նոր բողբոջած ու ոտնակոխուած բոյսեր։ Մեր պարտականութիւնն է ասոնց զոհաբերումը ապարդիւն չդարձնել։ Թող անոնց յիշատակը մեզի ներշնչէ խաղաղութեան քաջութիւնը եւ ուժը` ամէն գինով յարատեւելու երկխօսութեան մէջ ի Փառս Աստուծոյ եւ ամենուն բարիքին համար։
''Շատ աւելի դժուար է քաջութիւնը ունենալ խաղաղութիւն հաստատելու համար քան պատերազմ մղելու,, քաջութիւն պէտք է այո՛ ըսելու հանդիպումին եւ ոչ ընդհարումին. այո երկխօսութեան եւ ոչ բռնութեան, այո բանակցութեան եւ ոչ ռազմաւարութեան, այո անկեղծութեան եւ ոչ երկդիմութեան։ Պատմութիւնը մեզի կը սորվեցնէ թէ միայն մեր ուժերը բաւարար չեն։ Շատ անգամ խաղաղութիւնը հասանելի եղած է սակայն ''չարը'' կարողացած է արգելք հանդիսանալ։ Ասոր համար է որ հոս կը գտնուինք այսօր։ Որովհետեւ գիտակից ենք եւ կը հաւատանք թէ պէտք ունինք Աստուծոյ օգնութեան։
Մենք ունկնդրեցինք կոչ մը ու պարտականութիւնն ունինք այս կոչին համապատասխանելու։ Կոչը կոտրելու ատելութեան ու բռնութեան պարոյրը, ''եղբայր'' բառով։
''Սակայն այս բառը արտասանելու համար, ամէնքս մեր աչքերը սեւեռելու ենք դէպի Երկինք, ու բոլորս մենք զմեզ նկատելու ենք որպէս մէկ Հօր զաւակներ''։ Ըսաւ Քահանայապետը խօսքին աւարտին հայցելով Յիսուս Քրիստոսի Հոգին ու Աստուածամօր բարեխօսութիւնը։
Յայտնենք որ աղօթքի ձեռնարկի արարողութեան աւարտին. Ֆրանչիսկոս Պապը, Բարթողոմէոս Ա, նախագահ Ապպաս ու նախագահ Փերես, Վատիկանի Պարտէզներուն մէջ միասանաբար տնկեցին խաղաղութիւնը խորհրդանշող ձիթենեաց ծառ մը։







All the contents on this site are copyrighted ©.